2016-03-22 08:30:00

Աւագ կամ Չարչարանաց Շաբաթը` Աւագ Երեքշաբթի։


Եկեղեցական տօնացոյցով Մարտ 21-էն­ սկիզբ առաւ Աւագ շաբաթը, որ նաեւ կ՛անուանուի «Չարչարանաց շաբաթ»: Ան Մեծ Պահքի վերջին շաբաթն է եւ կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի երկրային կեանքի կարեւոր շրջանը` վերջին օրերու ուսուցուﬓերը, չարչարանքները, մահը եւ հրաշափառ Յարութիւնը:

Այս շաբաթուայ իւրաքանչիւր օր կը կրէ «աւագ» անունը եւ ունի իր խորհուրդը: Աւագ շաբաթը սկսզբ առաւ Ծաղկազարդի Կիրակիով` Յիսուս Քրիստոսի Երուսաղէմ մուտքով:

Աւագ Երկուշաբթին նուիրուած է աշխարհի՝ երկնքի և երկրի արարչագործութեան: Առաւօտեան ժամերգութեան ընթացքին աւետարանական ընթերցումները կը յիշատակեն «Անիծուած թզենիին» պատմութիւնը, երբ Յիսուս, Բեթանիայէն Երուսաղէմ վերադարձին, անէծքով չորցուց անպտուղ թզենին։ Քանի որ կը մօտենային Իր չարչարանքները, Քրիստոս թզենին չորցուց, որպէսզի առաքեալները չմտածէին, թե Իր ուժերու թուլութեան պատճառով էր, որ չարչարանքներու մատնուեցաւ։ Քրիստոս թզենին չորցուց նաև ցոյց տալու համար, որ Իր գալուստով այլևս պէտք չեն թզենիի տերևները, որոնցմով Ադամ կը ծածկէր իր մերկութիւնը, և որոնք կը ծառայէին իբրև ամօթի և խայտառակութեան ծածկոց։ Այս օրուան մէջ Յիսուս նաեւ մաքրագործեց տաճարը: Աւագ Երկուշաբթի օրը եկեղեցւոյ մէջ կ’ընթերցուի դրախտէն Ադամի ու Եւայի արտաքսման մասին` զգաստացնելով մեզ եւ մղելով պատուիրանապահութեան:

Աւագ Երեքշաբթին ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան հետ. կ’ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պետք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս և երկնքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերու նման: Օրուայ աւետարանական ընթերցուածը կը պատմէ «Տասը կոյսերու» առակը (Մատթ., 25.1-13)։ Այս առակը հինգ իմաստուն և հինգ յիմար կոյսերու պատմութեամբ կը պատգամէ պատրաստ ըլլալ Տիրոջ գալստեան։ Աւագ երեքշաբթի, երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին եկեղեցւոյ ատեան կու գան տասը կոյսեր։ Անոնցմէ հինգը, ձեռքերնին պահած ունենալով վառող մոմեր, կը խորհրդանշեն իմաստուն կոյսերը, իսկ միւս հինգը՝ մարած մոմերով` յիմար կոյսերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.